2013-03-23 10:23:19

Մեծ Յաջողութիւն Արձանագրելով Իսրայէլի Մէջ Օպամա Այցելեց Յորդանան` Աւարտելով Միջին Արեւելեան Իր Շրջապտոյտը:


Աւարտելով Միջին Արեւելք կատարած իր եռօրեայ այցելութիւնը` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ այցելեց Ամման, ուր Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ քննեց շրջանի ընդհանուր իրավիճակը` սուրիական տագնապի ու գաղթականներու հոսքի լոյսին տակ: Այս առիթով Օպամա 200 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն խոստացաւ Յորդանանի` հանգստացնելով Ապտալլա Բ. թագաւորը եւ փարատելով անոր մտավախութիւնները երկրի տնտեսութեան փլուզումի վտանգին գծով: Միւս կողմէ, Օպամա վերահաստատեց Սուրիոյ վարչակարգին դէմ իր ժխտական կեցուածքը` «ապօրինի» որակելով նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը:
Յայտնենք, որ ծագումով պաղեստինցի յորդանանցիներ ցոյց մը կազմակերպեցին` բողոքելով Օպամայի այցելութեան դէմ:
Հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիս տալով` Օպամա եւ Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեցին, որ Իսրայէլի հետ բանակցութեանց հոլովոյթը պիտի վերսկսի:
Նշենք, որ նախքան այդ, Օպամա կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ պաղեստինեան Ռամալլա շրջանը:
Իսկ Բեթղեհէմի մէջ նախագահ Պարաք Օպամա բարերար «կնքահայր» եղաւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ: Արդարեւ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Օպամայի ներկայութեան հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ ներում հայցեց Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանէն` «Մաւի Մարմարա» նաւու դէպքին գծով խոստանալով նիւթական հատուցում կատարել նշեալ դէպքին ընթացքին սպաննուած ինը թուրքերուն համար:
Ըստ դէտերու, Իսրայէլի այս «ներողութեան» փոխարէն, Միացեալ Նահանգներ լրիւ զօրակցութիւն ցուցաբերած են անոր` շրջանին մէջ ազատօրէն գործելու իր բոլոր շարժումներուն մէջ, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին գծով:
Իսկ իսրայէլացի ընդդիմադիր ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման խոր ընդվզում արտայայտեց Թուրքիա – Իսրայէլ այս «հաշտութեան» քայլին գծով` բուռն կերպով քննադատելով Նեթանիահուի «ներողութիւն»-ը Թուրքիայէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.